2009-03-30 13:14:21

Վատիկանեան տեղեկութիւններ`

Վատիկանը կ՛ուղջունէ աշխատանքի նախարարներու գիտաժողովը։


Կարտինալ Ռենադօ Մարթինօ` նախագահը Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, ողջունեց իտալական կառավարութեան գնահատելի նախաձեռնութիւնը որ է՝ ՜՜Հռոմ հրաւիրել աշխարհի մեծ պետութիւններու աշխատանքի նախարարները մարտ 29-31, քննարկելու գործազրկումի մարդկային հետեւանքները, յետ ֆինանսական տագնապին՝՝։ Գիտաժողովին նիւթն է ՜՜տագնապին մարդկային ծաւալը՝՝։ Կարտինալը նաեւ յիշեցուց թէ մարդկային անհատին յարգանքը հիմնական սիւն է ընկերութեան կերտումին եւ խնդրեց աշխատանքի նոր կարելիութիւններու ստեղծում, նոր տնտեսական կացութեան ընթացքին։



Վատիկանեան մէկ յանձնախումբը կ՝ուսումնասիրէ Չինաստանի քրիստոնեաներու կացութիւնը։

Ներկայիս Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ խորհրդաժողով մը՝ ուսումնասիրելու Չինաստանի Եկեղեցւոյ իրավիճակը նիւթին մասին։ Ժողովին կը մասնակցին Ս. Աթոռի պետական քարտուղարութեան անդամներ եւ չինացի բարձրաստիճան եկեղեցականներ։

Ժողովականները կ՝ուսումնասիրեն Չինաստանի եկեղեցւոյ կարգ մը երեւոյթները։ Նախապէս Վատիկանի յանձնախումբը քննարկեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի 2007-ին Չինաստանի քրիստոնեաներուն ուղղած նամակին հակազդեցութիւններն ու ընդունելութիւնը։ Յանձանախումբին նպատակն է ՜՜յարգալիր ու շինիչ երկխօսութիւն հաստատել Չինաստանի կառավարութեան հետ ինչպէս նաեւ քննարկել ներկայ Չինաստանի եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, որպէս միջոց փրկութեան, աւետարանութեան հարցերը եւ թեմերու վերակզմակերպումը՝՝։ Հոն-Գոնկի կարտինալը՝ Ժոզէֆ Զէն ցաւ յայտնած է թէ՝ Սրբազան Քահայանապետին նամակը տակաւին չէ ճանչցուած, հասկցուած ու ընդունուած։ Ասիկա ժամանակ ու համբերութիւն կը պահանջէ, ըսած է ան։ Իր նամակին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, ի մէջ այլոց, պահանջած է ՜՜եպիսկոպոսներ նշանակելու ՝՝ազատութիւն Չինաստանի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.